Category: Armenian

  • Սեմին կանգնած՝ տեսանելիութիւն, աշխատանք եւ պատկանելիութիւն

    Սեմին կանգնած՝ տեսանելիութիւն, աշխատանք եւ պատկանելիութիւն

    Բեղմնաւորման պահէն սկսեալ, մարդ արարածը կը յայտնուի տեսանելի եւ անտեսանելի ցանցերու ոստայնի մէջ։ Ընտանեկան, ընկերային եւ պաշտօնական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ բնակավայրի, ապրող այլ էակներու եւ վերջապէս տիեզերքի հետ յարաբերութիւնները կը կազմաւորուին ժառանգուած եւ յարատեւ փոփոխութեան մէջ եղող ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային, քաղաքական եւ մշակութային գործընթացներու ազդեցութեամբ։ Միւս կողմէ, գաղթը սկիզբ կը դնէ նոր պատումի մը, որ արմատական փոփոխութեան կը մատնէ յարաբերութիւններու նշեալ ցանցերը՝ տեղափոխման հետեւանքով։ Այս յօդուածին մէջ, հատանողական (intersectional) ֆեմինիզմի տեսանկիւնէն պիտի անդրադառնամ գաղթի ներգործած փոփոխական յարաբերութիւններու ցանցի մէջ գտնուող տարբեր անձանց տեսանելիութեան, աշխատանքի եւ պատկանելիութեան ձեւաւորման հոլովոյթին եւ զանազան անհաւասարութիւններու դրսեւորման հատման եղանակին։  

    Գաղթի բերումով նոր բնակավայրը մնայուն կամ առժամեայ երկրորդ տան վերածելու ընթացքին, անհատը իր ետին կը թողու ընտանեկան պարագաներ, ընկերային շրջանակներ, սովորութիւններ, այլ խօսքով՝ իր հարազատ միջավայրը։ Ներկայ աշխարհին մէջ, գաղթականը իր նոր երկրին մէջ ողջունող առաջին տարրը դիւանակալութիւնն է (bureaucracy)։ Հայրենի տան մէջ տարիներու վրայ ձեռք բերած կարգ մը հմտութիւններ յանկարծ անպէտք կը դառնան։ Օրինակ կրնաս ըլլալ ընկերային, հարցերը արագօրէն լուծող եւ հոսանքն ի վեր թիավարող անձ մը, սակայն դիւանակալութիւնը քեզմէ կը պահանջէ սպասել եւ տարբեր փաստաթուղթերու ճամբով ապացուցել քու ընկերական եւ տնտեսական գետնի վրայ ընդունելի ենթակայ ըլլալդ։ 

    Անձնական կեանքիս մէջ, դիւանակալութեան եւ դանդաղօրէն ընթացող կառոյցներու հետ դէմ յանդիմաց գտնուեցայ, երբ ստիպուեցայ, որպէս անկախ արուեստագէտ եւ կրթիչ, ասպարէզս զէրոյէն վերակերտելու Անգլիոյ հեռաւոր գիւղական շրջանի դատարկութեան մէջ, ուր քիչեր կը ճանչնային գործս եւ ուր յարաբերութիւնները այնքան հեռու էին, որքան բնակելի տարածքները։ Ժամանակի ընթացքին նկատեցի, որ պէտք ունէի աշխատանքի թափս, ոճս եւ նպատակներս ճկուն պահելու՝ սրելով փոփոխութիւններ ընդունելու ունակութիւնս։ Թէեւ Թուրքիոյ մէջ ունեցած մասնագիտական եւ կառուցային հարցերէն մաս մը վերացած էր հոս, սակայն մտերմութեան եւ պատկանելիութեան զգացումներու բացակայութիւնը մտածել տուաւ, որ բան մը պակաս կար հոս։

    Քիչ մը դադար առի եւ փորձեցի ընկալել բարդութիւնը Անգլիոյ գիւղական այս նոր կեանքին, որ իր մէջ կը պարունակէ մշակութային նօսր բազմազանութիւն. Չգիտցայ, թէ ուրկէ՛ պէտք էր սկսէի քակել հանգուցաւոր բրդեայ գունդը։ Վերջապէս, որոշեցի սթափիլ անգործունէութենէս եւ շարունակել գործել ինչ որ գիտեմ եւ ինչ որ լաւ զգալ կու տայ ինծի։ Գարնան գալուստով հասան նաեւ զանազան փառատօններու դիմումնագիրներուս դրական պատասխան նամակներս։ Ասոնք ուրախանալի պատահարներ էին։ Այնուամենայնիւ, մինչ կ՚աշխատէի բիւրեղացնել աշխատանոցներէս մէկուն մանրամասնութիւնները, ինքզինքս գտայ ե-նամակներու տեղատարափի մը մէջ, որուն նախապէս չէի հանդիպած։ Օրերս անցուցի կարդալով եւ մէկիկ-մէկիկ պատասխանելով ընդունուած փառատօններուս նամակներուն՝ պատրաստելով մասնակիցներու համար հաւանական վտանգներու գնահատում, գերզգայնութեան հաւանական վտանգի քարտէզ եւ յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցող ծանուցողական ծրարներ,— պահանջներ, որոնց բնաւ չեմ ենթարկուած Թուրքիոյ մէջ գործունէութեանս տարիներուն։ Մինչ մարմինս կ՚ըմբոստանար այս գործին դէմ, հիմնականօրէն եկայ այն եզրակացութեան, որ ուրիշ ճար չունէի, պէտք էր լրացնէի դիւանակալական այս ակնկալութիւնները։ 

    Այդ օրերուն, Անգլիոյ մէջ արուեստագէտ-կրթիչ-աշխատող եռանկիւն կեանքիս կողքին, յիշեցի Թուրքիոյ մէջ փորձառութիւնս։ Մինչ մեզմէ կատարեալ ծառայութիւն ակնկալող մշակոյթի եւ արուեստի կարգ մը կազմակերպութիւններ կրնան գոհացուցիչ պայմաններ մատակարարել մեր սպառած ջանքին եւ ժամանակին համար, ուրիշներ չեն կրնար կամ չեն ուզեր այս պարտաւորութիւնը նիւթաբարոյական հատուցումով ամբողջացնել։ Թէեւ անվճար աշխատանքի առաջարկները նուազ են Անգլիոյ մէջ,— հոն, ուր գրուած է դրամատիրութեան գիրքը,— սակայն բաւական տարածուած են անվճար կամ ցած վարձատրութեամբ աշխատանքի առաջարկները, ինչպէս նաեւ՝ աշխատանքի դիմաց «տեսանելիութեան եւ ճանաչման» առիթի առաջարկները՝ մանաւանդ զարգացող երկիրներու արուեստի ոլորտներուն մէջ։ Երիտասարդ կամ անգործ արուեստագէտներու համար դիւրին չէ «ոչ» ըսելը, երբ այս աշխատանքային շահագործումը, շատ նրբագեղ կերպով զարդարուած, կու գայ իշխանութեան դիրքերուն վրայ գտնուող մարդոց կողմէ։ Յաճախ կ՚իմանանք անհատներու մասին, որոնք, պահանջած ըլլալով  իրենց իրաւունքները, բռնածածրի ենթարկուած եւ դուրս դրուած են նոյն այդ իշխանութեան դիրքերու վրայ գտնուողներու եւ կառույցներու կողմէ՝ մեղադրելով զանոնք դրամը արուեստէն վեր դասելու յանցանքով։ Պատկերացուցէք ոլորտ մը, որ կը լուսանցքայնացնէ քեզ, երբ դուն կը պահանջես ապրուստի արդար իրաւունքդ, երբ նոյն այն մարդիկն ու հիմնարկները ընկերութեան հետ կը նոյնացնեն կենցաղի, կենտերային հաւասարութեան, բնապահպանման, արդարութեան եւ նման հարցերու իրաւունքները՝ հռետորական եւ գործնական կերպերով՝ այսպիսով ապահովելով իրենց համեմատաբար առանձնաշնորհեալ եւ լուսազարդ վիճակը։ Հետեւաբար, ի՞նչը կարելի եւ յարատեւ կը դարձնէ այս հակասութիւնը,—  վերոնշեալները կատարելու համար համապատասխան վարչութիւններու շնորհուած արտօնութիւնը եւ իրենց իրաւունքներուն անիմաց եւ անպահանջ մեծամասնութեան լռութիւնը։ 

    Այս ծիրին մէջ, դիւանակալական կառոյցը, թէ՛ վարչական թէ՛ հանրային կապերու ոլորտին մէջ, կը ներգրաւէ միջնորդ դերակատարներ, որոնք իրադարձութիւնները կը ներկայացնեն շահեկան լոյսին ներքոյ՝ ստեղծելով անխափան գործունէութեան պատրանքը, անտեսանելի դարձնելով առկայ անարդարութիւնները ու ամրապնդելով այն համոզմունքը, թէ ամէն ինչ կարգին է։ Ֆրանսացի ընկերաբան եւ փիլիսոփայ Փիեռ Պուրտիոյ, որ ուսումնասիրած է, թէ ինչպէ՛ս մշակոյթի, իշխանութեան, դասակարգի եւ կրթութեան համակարգերը կը վերարտադրեն ընկերային անհաւասարութիւն, արուեստը զննած է որպէս հակամարտութիւններով լեցուն կռուադաշտ եւ առանձնացուցած է դարպասապահներու (gatekeepers) վերնախաւը, որ կ՚որոշէ, թէ ո՛վ, ինչպէ՛ս կը բարձրանայ արուեստի աշխարհին մէջ։ Այս դարպասապահները դիտմամբ կ՚անտեսեն ոմանց աշխատանքը, զարմանալիօրէն ուրիշներուն աշխատանքին լիարժէք ճանաչում կը ցուցաբերեն, քուլիսներու ետին կը շարունակեն շահագործել կարգ մը մարդոց աշխատանքը եւ որոշ արուեստագէտներունն ալ կը ձգձգեն՝ «եթէ բաւականաչափ լաւ ես» առասպելով։ Ասոնք երկարատեւ եւ ամուր դիրքերու վրայ կը գտնուին նոյն կամ նման հիմնարկներու մէջ։ Սակայն, անցեալին բաղդատելով, անոնք սկսած են կորսնցնել իրենց իշխանութիւնը՝ շնորհիւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, բացայայտութեան, թափանցիկութեան եւ միասնականութեան նոր մշակոյթին։ 

    Ասով հանդերձ, աշխարհը անցումային շրջանի մէջ կը գտնուի. թէկուզ դանդաղօրէն, բայց համակարգը փոխակերպման ընթացքի մէջ է եւ բոլորին ընտրութիւնները կարեւոր են։ Արդեօք մենք կը զօրակցինք աւանդակա՞ն տարածներուն, որոնք կառուցային կանոնաւոր նեցուկ կը վայելեն, չեն առերեսուիր իրենց անցեալին հետ եւ պատրաստ չեն վար դնելու համերաշխութեան հոլովոյթը կամ կը զօրակցինք նպաստաւոր պայմաններ չունեցողներուն, այլընտրանքային հիմնարկներուն եւ արուեստագէտներուն, որոնք իրենց ջանքերուն համար չեն կրնար ստանալ իրենց արժանի աջակցութիւնը եւ որոնք անտեսանելի կը դառնան։ 

    Եւ ամէնէն կարեւորը, ինչպէ՞ս կրնանք մենքզմեզ ազատագրել «բաժնէ, որ տիրես» սկզբունքով համակարգի փիլիսոփայութենէն եւ յառաջ երթալ առանց իյնալու «այս կամ այն» խտրականութեան մէջ։ Այս հարցերուն կրնանք վերանայիլ հատանողական ֆեմինիզմի ոսպնեակէն, որ գրականութեան մէջ մուտք գործեց իրաւագիտութեան փրոֆեսոր Գիմպըրի Քրէնշայի կողմէ։ Հատանողական ֆեմինիզմի մօտեցումը կ՚երաշխաւորէ ոչ միայն մէկ խումբի արդար, բազմաթեմ եւ բազմազան կեանքի կիրառութիւն, այլ բոլորին՝ կեդրոնական տեղ տալով ոչ միայն կենսաբանօրէն «կին» նկատուողներուն իւրայատուկ անբարենպաստ պայմաններուն, այլեւ՝ տարբեր ցեղի կամ ազգութեան պատկանողներուն, տարբեր սեռային արեւելում ունեցողներուն կամ գաղթականներուն։ Այս ոլորտին մէջ, կեդրոնացուած, ոչ-թափանցիկ եւ խտրական դիւանակալական կառոյցները, որոնց օրինակները վերը ներկայացուցի, չեն կրնար ծառայել հատական ֆեմինիզմի կենսահամակարգին։ Արուեստի եւ մշակոյթի միջավայրին մէջ կուրատորական (curatoral) ընտրութիւնները կրնան արտացոլել հատողական ֆեմինիզմի փոխադարձ արժէքները, օրինակ՝ չնայած բոլոր դիւանակալական կշիռին, այս գարնան փառատօնները, որոնց մասնակցեցայ աշխատանոցներովս, իսկապէս ներառական եւ բազմազան էին։ 

    Յօդուածիս աւարտին, կ՚ուզեմ յիշեցնել, թէ այսօր մեր լսած ձայները եւ տեսած ստեղծագործութիւնները, կամ մեր լսել կամ տեսնել չկարողացածները, կը շարունակեն ձեւաւորել ոչ միայն իրենց կեանքը, այլեւ՝ մեր կեանը, երազանքներն ու մտաւորական աշխարհները:

    Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան

  • Նոր կեանքի մէջ ամբողջականութեան ձգտումով. սահմաններ եւ նուրբ գիծեր

    Նոր կեանքի մէջ ամբողջականութեան ձգտումով. սահմաններ եւ նուրբ գիծեր

    Լեռնա Պապիկեան

    Անգլիոյ փոքրիկ գիւղի մը մէջ նոր կեանք մը կը սկսիմ եւ նոր-նոր կը սկսիմ հասկնալ, թէ հոս տեղափոխուած եմ՝ ամուսնոյս հետ հիւսած մեր կեանքով։ Յաճախ երախտագիտութեամբ կը դիտեմ դուրսի անդադրում տեղատարափ անձրեւը, իսկ երբեմն ալ անձրեւուն տակ կը քալեմ,– ջուրի տարրերուն հետ շփումի մէջ մտնելս միտքս կը հանգստացնէ։ Կը դիտեմ հաւաքուած ու անսպասելի տեղերէ վազող ջրուղիները, ումպ մը առնելու համար յանկարծ ջրափոսիկին մօտեցող կարմրալանջիկը եւ ճամբուն թացին մէջ արտացոլացող ամպերուն շարժումը։ Այս դիտարկումներու ընթացքին, կը հանգստանամ՝ նկատելով ջուրի հոսանքին թրթռացումները եւ իմ ներքին «ջուրերուս» մարմինիս մէջ հոսիլը. մկաններուս պրկուածութիւնը տեղի կու տայ աւելի փափուկ հիւսուածքներու։ Ապա լոյսը կը բացուի ու ես կը զննեմ փոփոխուող լոյսին ստեղծած զգացումները բնապատկերին եւ իմ վրաս, կեանքը ընկալելու ձեւիս փոփոխութիւնը եւ տարբեր արարածներու՝ ջուրին նման լոյսին ունեցած յարափոփոխ յարաբերութիւնները։ Երբեմն մարմինս կը յանձնեմ ծառերուն, ճիւղերուն, թուփերուն շարժումին՝ ազատօրէն օրօրուելով եւ նետուելով բնութեան մէջ։ Զգալս, թէ մարմինիս եւ զգացումներուս ընդմէջէն գոյութիւն ունիմ իբրեւ բնութեան հաւասար մաս մը, կ՚ամրապնդէ ինքնավստահութիւնս եւ ամբողջականութիւնս։ Աւելին, այս տարածքին մէջ, ուր չկան իւրութեան եւ իշխանութեան հասկացութիւններ, այլ էակներու հետ հաւասար կեանք մը բաժնելը կը զարգացնէ մարտահրաւէրներու դիմաց դիմադրողականութիւնս։ 

    Առաջին յատկութիւնը, որ զիս բլուրներու միջեւ հանգչած այս փոքրիկ գիւղը տարաւ, Լոնտոնի նման հանրածանօթ մայրաքաղաքին փոխարէն, դպրոցն էր, ուրկէ ստացած էի մագիստրոսականս։ Ան բնապահպանական առեւելումով հիմնարկ մըն է։ Հոն է, որ ես բնամարմնական (ecosomatic) կիրառութիւններու եւ անոր վերաբերեալ գրականութեան ծանօթացայ։ Բնամարմնական ուսումնասիրութիւնները կը միտին վերականգնել մարդու մարմնին եւ բնութեան միջեւ գիտակից կապը։ Ի տարբերութիւն բնութեան մէջ կատարուած աւանդական աշխատանքներուն, բնամարմնական աշխատանքը մարմինն ու բնութիւնը չ՚օգտագործեր որպէս ստեղծագործութիւնը զարգացնելու կամ բարօրութեան հասնելու գործիք, այլ առաջնահերթութիւն կու տայ համատեղ կեանքի փորձառութեան զգացումին՝ յիշեցնելով մեզ մեր ներքին եւ էական փոխկապակցութիւնը։ Անշուշտ, կարելի է նաեւ զարգացնել մեր ստեղծագործականութիւնը եւ լաւ զգալ մեր յայտնաբերած նոր հեռանկարներու միջոցով։ 

    Բնամարմնական աշխատանքները, որ նաեւ փորձառական ուսուցման աշխատանքներ են, սկսած են մեծապէս օգտագործուիլ աշխարհի չորս դին, պարի մարզին կողքին զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս՝ հոգեբանութեան, կրթութեան, արուեստի միջոցով բուժման, ճարտարապետական գծագրութեամբ բուժման եւ կլիմայական գործունէութեան։ Բնամարմնական աշխատանքները կը զարգացնեն տարբեր հմտութիւններ, ինչպէս՝ զգայական իրազեկութիւն եւ կարեկցանք, ու կրնան օգնել «միւս»-ին հետ կորսուած կապը վերականգնել։ 

    Այս սորված հմտութիւններս տարիէ մը ի վեր ներառած եմ 2015-ին Պոլսոյ մէջ հիմնած «Ստեղծագործ պարուսոյցներու վերապատրաստման աշխատանոց» ծրագիրիս մէջ։ Միաժամանակ առցանց եւ անձամբ կատարած դասապահերէս մէկուն ընթացքին, երբ ցոյց կու տայի ջրային արջին յամրաքայլերը, աշակերտներէս մին սկսաւ լալ. ան ըսաւ, որ խոր զղջում զգացած է ջրային արջին հանդէպ ունեցած նախապաշարումներուն համար՝ պարզապէս քանի որ չէր հաւնիր անասունին արտաքինը։ Այս առճակատումը առիթ ստեղծեց, որ ան իսկապէս զգայ առօրեայի եռուզեռի մէջ իրար հանդէպ մեր ունեցած նախապաշարումները եւ իրերամերժումները՝ անհատական թէ՛ ընկերային մեր կեանքերուն մէջ։ Այս աշակերտուհիս՝ նուրբ եւ ուժեղ կին մը, հաւանաբար իր մէջ կուտակած էր նաեւ ուրիշներու դատողական կարծիքները։ Դասապահը աւարտեցաւ իր՝ ջրային արջին նուիրուած բանաստեղծութեան ընթերցումով, մինչ մեր բոլորին աչքերը թաց էին, այս անգամ՝ կարեկցանքով։

    Կարեկցանքը լոկ զգացմում չէ, այլեւ ներգործութեան վիճակ մը, որ դրականօրէն կը փոխակերպէ մեր կեանքը: Այնուամենայնիւ, կարեկցանքի վրայ հիմնուած բնամարմնային աշխատանքները նոր յայտնաբերումներ չեն մարդկութեան համար: Մեկնելով ժողովուրդներու գոյատեւած արտադրութիւններէն, արուեստի գործերէն, կենցաղակերպերէն եւ ծէսերէն, գիտենք, որ վայրի մը մէջ հաստատուած ժողովուրդներ պատմութեան տարբեր հանգրուաններու ընթացքին՝ յատկապէս նախքան գաղութատիրոջ կողմէ իրենց հողերու եւ մշակոյթներու գրաւումն ու ոչնչացումը, ունէին ամբողջական յարաբերութիւն իրենց մարմիններու եւ միջավայրին հետ՝ հիմնուած կենսունակութեան, գիտակցութեան եւ փոխզգացութեան վրայ ։ Այս ժողովուրդներու կողմէն մարմնի օգտագործումը բուժման, արտադրութեան, բերգահաւաքի, սուգի, փոփոխութեան եւ տօնակատարութեան արարողութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ պարի, շարժումի, կշռոյթի եւ երգի մէջ, ոչ միայն նպաստած է սեփական մարմիններու հետ իրենց յարաբերութիւններու ամբողջական առողջութեան, այլեւ վերականգնած է հասարակութեան մէջ թէ՛ մարդկային թէ՛ ոչ մարդկային մարմիններու միջեւ կապերը։ 

    Ժամանակի ընթացքին, երբ մարդիկ գաղթեցին կամ տեղափոխուեցան եւ իրենց սնուցած հողերէն հեռացան, որոշ ծէսեր անհետացան, ուրիշներ ալ ձեւափոխուեցան, իսկ անհատի՝ իր մարմինին եւ շրջապատին հետ յարաբերելու ձեւը փոխուեցաւ։ Այս փոխակերպումներուն եւ կորուստներուն արձագանգները նաեւ հասարակական կեանքին մէջ արտայայտուեցան։ Գաղութատիրական-դրամատիրական ​​կարգը, որ կ՚ոչնչացնէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցողը ու կը պարտադրէ իր սեփական համակարգն ու գոյութեան հայրիշխանական վիճակը, տարածք մը կը ստեղծէ տնտեսութեան ու մշակոյթին մէջ իր սեփական գոյութեան համար՝ մէկ խօսքով, կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ եւ միայն այն անհատներու եւ գործելակերպերու համար, որոնց գաղութատէրը կը համաձայնի։ Երբեմն այս ճնշումը կը գերազանցէ ազգային սահմանները՝ թոյլ տալով, որ այլ երկիրներ ներխուժեն իրենց սեփական մշակոյթներով՝ մեկնելով իրենց ունեցած տնտեսական եւ ռազմական ուժէն եւ առկայ ուժային յարաբերութիւններէն։ Սակայն, դուրս մնացածներուն տրուած իրաւունքները, յաճախ իբրեւ բարիք, կրնան հասնիլ սահմանափակ փոքրամասնութեան։

    Եզրափակելով յօդուածս, կ՚ուզեմ նաեւ հակիրճ կերպով պատմել իմ անձնական փորձառութիւնս «միւս»-ին հետ իմ երկրորդ եւ նոր հայրենիքիս մէջ։ Նոր երկիր հասայ հետս բերելով 30 տարուան վրայ տարածուող ասպարէզս, որ հիմնականօրէն կեդրոնացած է պարի վրայ։ Այս աշնան, երբ կամաց-կամաց սկսայ տեղաւորուած զգալ, ամէն բան նոր կը սկսիմ գիւղի մը մէջ, ուր ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։ Քանի որ մանուկներու պարի դասապահերը եւ ծնողք-զաւակ դասապահերը,– որոնք տասը տարիէ ի վեր արդէն դադրեցուցած էի Թուրքիոյ մէջ՝ զգալով անոնց հետ կապակցութիւն զգալուս ձեւս փոխելու անհրաժեշտութիւնը,– իմ ամէնէն շատ գիտցած գործերէս են. առաջին քայլերս անոնց հետ սկսայ առնել այս նոր վայրին մէջ։ Թէեւ տակաւին նոր կը սկսիմ աշխատանքիս, հետաքրքրութիւն մը ստեղծուած է գործին շուրջ։

    Օրեր առաջ մասնակցեցայ պարի վերաբերեալ գիրքի շնորհահանդէսի մը, որմէ ետք ծանօթացայ անգլիացի կնոջ մը, որ շրջանին մէջ առաջատար պարի դպրոցի տէրն է։ Կարճ զրուցեցինք միասին։ Յանկարծ նշեց իմ տուած դասապահերուս մասին, առաջարկելով, որ դասապահերուս ծանուցման գրքոյկը զետեղեմ նաեւ իրենց պարի դպրոցներուն մէջ՝ ըսելով, որ անոնք կրնան օգտակար դառնալ իր քով ներկայացող եւ տեղ չունենալուն համար դուրս մնացող շատ մը թեկնածուներու։ Ան այս ըսաւ ծիծաղի եւ բացագանչումի միջեւ։ Այս զրոյցը, տարբեր տեղերու մէջ տարբեր շեշտադրումներով, մնաց գիշերային խաւարին մէջ. արդեօք զգայուն եւ կարեկցող հրաւէ՞ր էր, թէ՞ յիշեցում, որ ես շրջանի պարի ոլորտին մէջ կը մտնեմ այնքան որքան այդ կինը կ՚արօտնէր զիս։ Երբ այս մտածումներս յայտնեցի փորձառու եւ վստահելի գործընկերոջս, որ հետ այդ գիշեր զիս տուն հասցուց, ան ըսաւ, որ մարդիկ կրնան տարբեր կերպարներ բերել իրենց աշխատանքին մէջ։ Կարծես նախապէս Թուրքիոյ մէջ ալ հանդիպած այս վերաբերմունքին Անգլիոյ մէջ հանդիպեցայ այս անգամ վայելուչ եւ խելացի քօղի տակ ։ Փաստօրէն, բոլոր անոնք որոնք մարմնի հետ կ՚աշխատին նոյն կարեկցանքը չունին։ 

    Յաջորդ օրը արթնցայ եւ որոշեցի աւելի բարձրացնել ձայնս։ Այս որոշումը մրցակցութիւն կամ ապացոյց չէր, այլ ինքզինքիս ուղղուած աղօթք մը. հաւատքս՝ որ չվախնար, չամչնար գոյութեանս համար ու շարունակեմ ուղիս իմ ամէնէն ուժեղ, ամէնէն մարմնաւորուած տեսքով՝ վստահելով գիտելիքներուս եւ ստեղծագործականութեանս վրայ։ Յոյսով եմ, որ այս աղօթքը կը հասնի բոլոր անոնց որոնք պէտք ունին անոր, որոնք համակարգէն դուրս կը քշուին, որոնց գոյութիւնն ու ստեղծագործութիւնը անտեսուած եւ «միւս»-ի վերածուած է։  

    Թարգմանեց Արազ Գոճայեան